2015-01-21 09:16:53

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ` ‘’Ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’։


(Ռատիօ Վատիկան) 18-25 Յունուար կը նշուի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը որուն այս տարուայ նիւթն է ''Ջուր տուր ինծի որ խմեմ''։ Ջուրը մարդկային էակներու ամենէն կարեւոր պահանջներէն մէկն է։ Աստուած, որ մարդկային կերպարանքը կ՛առնէ Յիսուսի մէջ, ինքզինք կ’ ուրանայ բաժնելու մեր բնութիւնը ու կարող կ՛ըլլայ սամարացի կնոջմէն խնդրել. ‘’Ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’։
Միաժամանակ, այս Աստուածը որ կու գայ մեզի հանդիպելու կու տայ մեզի կեանքի ջուրը։ ‘’Ով որ այդ ջուրէն խմէ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, բայց ով որ խմէ այն ջուրէն`զոր ես պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւնայ, եւ ջուրը, զոր ես անոր պիտի տամ` հոսուն ջուրի աղբիւր պիտի դառնայ յաւիտենական կեանքին մէջ''։
Հանդիպումը Յիսուսի ու սամարացի կնոջ միջեւ կը հրաւիրէ մեզ ըմբոշխնելու զանազան ջրհորներէն` ջուր։ Զանազանութեան մէջ, արդարեւ, ամէնքս կը հարստանանք։
Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթը աղօթքի, հանդիպումի ու երկխօսութեան առանձնաշնորհեալ պահ մըն է։ Բարեպատեհ առիթ մը ճանչնալու ուրիշի մը ունեցած հարստութիւնն ու արժէքը եւ Աստուծմէ խնդրելու միութեան պարգեւը։ Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթուայ խորհրդածութիւնը` Սամարացի կնոջ պատմուածքը, կը մտադրէ արժէքաւորել երկխօսութիւնը։
Պատմուածքը կ’ընդգծէ կարեւորութիւնը ճանչնալու իմ եւ ուրիշին ինքնութիւնը։ Ոչ մէկ անհատ, ոչ մէկ մշակոյթ առանձին բաւարար է։ Ուրիշը սպառնալիք մը չէ։ ‘’Ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’ այս նախադասութիւնը պատկեր մըն է լրացողականութեան։ Հրաւէր մըն է իրար զիրար ճանչնալու, միութիւնը փնտռելու զանազանութեան մէջ, իւրաքանչիւրը իր աղօթքի ձեւով եւ իր հոգեւորութեան մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.